Թրքահայ կեանք

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Այսպէս, Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 185-րդ տարեդարձը նշուեցաւ այս տարուան արտասովոր պայմաններուն ներքեւ։

ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆ ՊՈՒՐՀԱՆ ԷՐՍՈՅ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՍԻՄՈՆ ՉԵՔԷՄԸ

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ստացած հրաւէրին ընդառաջ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, յետմիջօրէի ժամերուն Սիմոն Չեքէմ ընդունուեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի կողմէ։

ՍԻՄՈՆ ՉԵՔԷՄ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Կը տեղեկանանք, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ այսօր կը գտնուի մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ան Անգարա մեկնած է՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրի մը ընդառաջ։ Այսօր Սիմոն Չեքէմ ժամադրութիւն մը ունի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնին հետ։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մինչ ամբողջ աշխարհ կ՚անցնի քորոնաժահրի սպառնալիքներով պայմանաւորուած տխուր եւ տառապալից օրերու ընդմէջէն եւ երբ մեր կրթական համակարգն ալ իր բաժինը կը ստանայ այս դժուարին շրջանէն ու կը դիմագրաւէ բաւական լուրջ մարտահրաւէրներ, Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն մեզի կը հասնի ուրախառիթ բարի լուր մը, որ մասամբ ջուր կը սրսկէ մեր սրտերուն:

ԱՆԾԻՆ ԵՐԱԽԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԸ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն ներս վերջերս տարուած աշխատանքներու հիման վրայ՝ այսօրուընէ սկսեալ ընկերային ցանցերու կամ ձայնասփիւռի միջոցաւ կը ներկայացուի «Անծին երախայի դպրոցը»։ Սա թատերական ծրագիր մըն է, որ կեանքի կոչուած է դպրոցի Ը. դասարանի աշակերտներուն կողմէ։

ԲԱՐԴ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ կարեւոր խորհրդակցութիւն՝ մեր վարժարաններու առկայ հարցերու հրատապ օրակարգին շուրջ:
Համայնքային վարիչները առայժմ ամուր ու վերջնական փոխըմբռնումի մը չեն հասած՝ պոլսահայ կրթական համակարգի դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ: Յառաջիկայ սիրոյ սեղաններու հաւանական արդիւնքներու պարագային թերահաւատութիւնը կը խորանայ: Շօշափելի կամք մը չկայ միջոցները բաժնելու համար:

ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Անպաշտօն աղբիւրներէ կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ համայնքային խորհրդակցութիւն մը։ Ըստ մեր ունեցած լսումներուն, հիւանդանոցի մէջ ժողով մը կը գումարեն ատենապետները մեր այն համայնքային հաստատութիւններուն, որոնց հովանաւորութեան տակ կը գործէ վարժարան մը։ Դպրոցներու մատակարարութեան հարցը այս շրջանին լուրջ մարտահրաւէր մը դարձած է մեր համայնքին տեսակէտէ։

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, նախապէս հրապարակուած էր, թէ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած էր յառաջիկայ ամիսներուն վերջ տալ Էսաեան վարժարանի զոյգ տնօրէններ՝ տիկին Սաթենիկ Նշանի ու օրիորդ Առլին Եշիլթեփէի պաշտօններուն։

ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԴԱՄԲԱՐԱՆԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ

Պատրիարքական Աթոռոյս նախորդ գահակալ՝ երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Շիշլիի Ազգային գերեզմանատան հողակոյտի վրայ տեղադրուած է դամբարանը, ծրագրաւորումով ճարտարապետ Վազգէն Պարընի։

Էջեր