Թրքահայ կեանք

ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան, վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան եւ փոխ-տնօրէնուհի Նեսրին Էրտէմ երէկ այցելութիւն մը տուին Սկիւտարի գաւառապետ Մուրատ Սեֆա Տեմիրեիւրէքին եւ Սկիւտարի Կրթական տնօրէն Սինան Այտընին։

«ՄԵՐ ՀԱՅԵՐ» ՀԱՐԹԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

«Մեր հայեր» հարթակի ներկայացուցիչները երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այսպէս, մամլոյ ասուլիսի ատենախօսներն էին՝ Նաժտա Շատեան, Նաթալի Ճեպէճի, Յովհաննէս Եանճը, Արաս Ալաքուշ եւ Արեւ Ճեպէճի։

ԹՐՔԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԱՊՐԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին հոգեւոր հրճուանքի, խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ նշեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մեր ժողովուրդը Սուրբ Աստուածածնի տօնի խորհուրդով փութաց մեր եկեղեցիները։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Վաքըֆլըգիւղ։ Տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վաղը կը նախագահէ Վերափոխման տաղաւարի արարողութիւններուն։

ԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ծանօթ է, որ քորոնայի համավարակը բացասական ազդեցութիւն գործած է մեր եկեղեցական կեանքէն ներս եւս։ Այս պարագան պարտադրած է, որ Պատրիարքական Աթոռը հարկաւոր տնօրինութիւններ ընէ եկեղեցիներու մէջ կատարելի բոլոր արարողութեանց մասին։

ՆԱՅԻՐԱ ՍԵՐԹՇԻՄՇԷՔ ՁԻԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նայիրա Սերթշիմշէք փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է ձիավարութեան մէջ։ Ան շատ փոքր տարիքէ ի վեր հետամուտ է այս մարզաձեւին եւ արդէն սկսած է քաղել իր հետեւողականութեան պտուղները։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն համար։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ քարոզին մէջ անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած ծանր կսկիծին։

ԿՈՉ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Ինչպէս ծանօթ է՝ Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումը, խոր ցնցում յառաջացուցած է երկրի հայրենակիցներուն մօտ։ Աղէտին իբր հետեւանք ո՛չ միայն փլուզումներ եւ աւերումներ, այլ նաեւ՝ նիւթական լուրջ վնասներ յառաջացած են։

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՄԱՍԻՆ

Պատրիարքական Աթոռը Տիար Արեւ Ճէպէճիէ տեղեկացած էր, թէ 16 օգոստոս 2020, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի կիրակիին, Գնալը կղզիի վրայ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան հետ ծրագրուած էր մշակութային փառատօնի մը կազմակերպումը։ Այս տեղեկատուութեան առընթեր ան փափաքած էր գիտնալ, թէ սոյն ձեռնարկը յաչս Պատրիարքական Աթոռոյ անպատեհ կը նկատուէ՞ր, թէ՝ ոչ։

Էջեր