ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՀՍԿՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Պոլսոյ մէջ տարիներ շարունակ գեղեցիկ աւանդութիւն եղած է, Մեծ պահոց շրջանի Արտաքսման կիրակիէն սկսեալ, կիրակնօրեայ Հսկում կատարել եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարել։ Նման Արեւագալի արարողութիւններուն, այս ժամերգութիւններուն եւս կը հանդիսապետեն Պատրիարքարանի կողմէ նշանակուած վեղարաւորներ։
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ներդրումով՝ 1999 թուականէն սկսեալ ամէն տարի 21 փետրուարին աւանդութիւն դարձած է յիշատակել Մայրենի լեզուի միջազգային օրը։ Այս առիթով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան պատգամ մը հրապարակեց եւ շնորհաւորեց Մայրենի լեզուի միջազգային օրը ու խօսեցաւ արեւմտահայերէնի գործածութեան մասին։
Կը տեղեկանանք, որ «Քուլիս. թատերական յիշողութիւն մը, Յակոբ Այվազ» խորագրեալ ցուցահանդէսը երկարաձգուած է մինչեւ 25 յուլիս 2021 թուականը։
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն քաղաքէս հրաժեշտ կ՚առնէ մեկնելու համար Հայաստան։ Նորին սրբազնութիւնը Քիեւի վրայով կ՚ուղեւորուի Երեւան։
Գումգաբուի աղբիւրները երէկ դրական լուրեր հաղորդեցին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամներու առողջական վիճակին կապակցութեամբ։
Պատրիարքական Աթոռը 10 փետրուար 2021, չորեքշաբթի, վերահասու դարձաւ, թէ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնի առթիւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագիչ՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան ազդուած է քորոնա համավարակէն եւ ներկայիս առտնին դարմանման տակ կը գտնուի։
Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ մեծահանդէս տօնակատրութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ մասնակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասուն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ բազմամեայ կրթական մշակ Ռիթա Արաքս։ Վերջին շրջանին ան կ՚ապրէր Երեւանի մէջ՝ իր որդւոյն հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, անցեալ շաբաթավերջին, յետմիջօրէին, ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, այցելեց Կրօնական ժողովոյ ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին, որ վերջերս կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։