ՀԱՄԱԿՐԵԼԻ ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՆՈՒԱՐԴ ԱՒԵՏԻՔՕՂԼՈՒԻ ԱՍՏՂԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՓԱՅԼԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ՆԵՐՍ
Մեր երաժշտական աշխարհէն ներս այս շրջանին կը փայլի համակրելի մեներգչուհի Նուարդ Աւետիքօղլուի աստղը, որ գեղարուեստասէրներու ուշադրութեան կ՚արժանանայ իր կատարողական կարողութիւններով եւ դիպուկ ձայնով։
Այսու, կու գանք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել, թէ պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն զուգահեռ Ս. Զատկի առթիւ եղած են հետեւեալ տնօրինումները.
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն ներս Ս. Զատկի տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ ընտանեկան մթնոլորտով հաւաք մը։ Այսպէս, աշակերտները ստացան դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներուն կողմէ իրենց համար պատրաստուած նուէրները։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան 18-րդ հերթական համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։ Միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողովը՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի, որոնց միացած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը մեկնաբանեց Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանի վերջին դատավճիռը. «Ընտրութեան համար չենք կրնար կանխատեսել դատական գործընթացներու ժամկէտը, բայց մեր համայնքը պէտք է անյապաղ պատրաստուի ապագայի»:
Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան հերթական համագումարը։ Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ գլխաւորուած այս քաղաքական ուժի արդէն 7-րդ համագումարն էր այս մէկը։
Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց իրաւաբաններ՝ Սեդրակ Տավութհանն ու Սեպուհ Ասլանկիլը։
Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանին կողմէ արձակուած վերջին վճռին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, դատարանի վճիռով անվաւեր ճանաչուած էին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած երկու շրջաբերականները։