ԷՕԶՊԻԼԻԶԷՆ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թրքահայ խաղացողներէն Արաս Էօզպիլիզ կեանքի կոչեց բարեգործական ծրագիր մը։ Էօզպիլիզ, որ մօտաւոր անցալին Պէշիկթաշի մարզաշապիկով հանդէս եկած էր եւ ներկայիս Երեւանի «Փիւնիկ» ակումբին մաս կը կազմէ, Հայաստանի մէջ կառուցել տուած է ֆութպոլի դաշտ մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Եսայի Տեմիրի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Խաչվերացի տաղաւարի առթիւ Հսկման արարողութիւն կատարուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գարեգին Քայա Քալայճըի նմոյշներու ներկայացումը հետաքրքրութեան առարկայ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, երէկ միջօրէին, այցելեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին ու դիմաւորուեցաւ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերակցէր գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ արարողութեան:
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումին առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 7 օգոստոս 2020 թուականին կոչ ուղղած էր մեր համայնքի ազնիւ զաւակներուն, որպէսզի իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնէին սոյն մարդասիրական նպատակին ծառայելու համար եւ իրենց լումաները կեդրոնացնէին Պատրիարքական Աթոռոյս հաշիւներուն։