ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՄԵԿՆԱՐԿ
Համայնքային շրջանակներէ ներս 2020-2021 եղանակի մատաղօրհնութիւններու պատրաստութիւնները արդէն կը սկսին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ՝ ի նպաստ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի։
Ծանօթ է, թէ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, սեպտեմբեր ամսուան առաջին կամ երկրորդ կիրակիին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը բոլորովին վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Անցուկը մոռցուկ. պոլսահայ մտաւորականի մը ուղին՝ Սկիւտարէն Փարիզ» գիրքը։ Բժիշկ, բանասէր Վահրամ Թորգոմեանի յուշագրութեան հիման վրայ պատրաստուած է այս հատորը, որու հրատարակութիւնը իրականացած է մեկենասութեամբ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան։
Մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր երիտասարդներ շաբաթավերջին միացուցին իրենց կեանքը՝ ուրախութիւն պատճառելով իրենց ընտանիքին եւ ընկերային շրջանակներուն։ Այսպէս, Ճուլիա Սաղըրեանի եւ Վարդան Յովհաննէսեանի Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։
Լիբանանահայ հանրածանօթ ու սիրուած երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեան երէկ այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Այս առաւօտեան յորդառատ անձրեւը լուրջ խնդիր յառաջացուց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Տեղատարափի հետեւանքով ջուրերը լեցուեցան Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան, վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան եւ փոխ-տնօրէնուհի Նեսրին Էրտէմ երէկ այցելութիւն մը տուին Սկիւտարի գաւառապետ Մուրատ Սեֆա Տեմիրեիւրէքին եւ Սկիւտարի Կրթական տնօրէն Սինան Այտընին։
«Մեր հայեր» հարթակի ներկայացուցիչները երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այսպէս, մամլոյ ասուլիսի ատենախօսներն էին՝ Նաժտա Շատեան, Նաթալի Ճեպէճի, Յովհաննէս Եանճը, Արաս Ալաքուշ եւ Արեւ Ճեպէճի։
Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին հոգեւոր հրճուանքի, խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ նշեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մեր ժողովուրդը Սուրբ Աստուածածնի տօնի խորհուրդով փութաց մեր եկեղեցիները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Վաքըֆլըգիւղ։ Տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վաղը կը նախագահէ Վերափոխման տաղաւարի արարողութիւններուն։