ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցան Պալեան գերդաստանի արքունի ճարտարապետները։ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս, ՀԱՅՃԱՐ-ի ջանքերով անոնց համար պատրաստուած յուշարձան-դամբարանին մօտ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ։
Գնալը կղզիի մէջ շաբաթավերջին ցուցադրուեցաւ «Sessiz Çanlar» (Լուռ զանգեր) փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որ կը վերաբերի Վանի եւ շրջակայքի հայկական մշակութային ժառանգութեան։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Սեբաստահայերու եւ համակիրներու միութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաքն ու անդամներէն Անդրանիկ Քէօսէտաղը եւ Երուանդ Տուրմազկիւլէրը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ, Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ժողով մը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Արցախի վերջին արիւնալի իրադարձութիւններուն շուրջ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ, այս տարի միայն Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ու սիրոյ սեղան տեղի չունեցաւ։