ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց «Մալաթիա Հայտէր» միութեան վարչութեան ատենապետ Նուրհան Կեզտիրիճին եւ անդամներէն Կարպիս Տուրասլանը, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուն եւ Գէորգ Էօզգարակէօզը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Անգարայի Շրջանային վարչական ատեանի 10-րդ վարչական դատերու բաժանմունքին ուշագրաւ վճիռը:
Մեր ընթերցողներուն ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ թերթիս վաղեմի աշխատակից Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի դարմանումը դրական հունի մը մէջ կը շարունակուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի երդիքին տակ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Եշիլգիւղի հայոց վարժարանի սաները վերջերս փայլուն յաջողութեան մը հասած են «Robotex Turkey 2021» մրցոյթին մէջ։ Սա ձեռներէցութեան ծրագիրներու միջազգային մրցոյթն է։
Համայնքային շրջանակները կը սգան Գարթալի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետին կորուստը:
Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Ուստի յառաջիկայ երեք օրերուն թերթս պիտի չհրատարակուի եւ անոր վրայ պիտի գայ աւելնալ շաբաթավերջի ընթացիկ դադարը։
Նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ համայնքի վերջին օրերու հրատապ նիւթերու շուրջ։
Համակրելի մեներգչուհի Նուարդ Աւետիքօղլուի յաջողութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ վերջերս իր մասին դրուատալի եւ ծաւալուն յօդուած մը լոյս տեսած է Պէյրութի «Խօսնակ» պարբերաթերթին մէջ։