ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
Ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, թէ համաշխարհային տարածում գտած քորոնաժահրի համաճարակը նաեւ իր ազդեցութիւնը գործած է մեր երկրէն ներս։ Համաճարակի յառաջացուցած կեանքի պայմանները դուռ բացած են, որ օժանդակութեան աշխատանքներ կազմակերպուին համայն երկրի տարածքին։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրին մէջ այս շաբաթավերջին փողոց դուրս գալու արգելք հաստատուած է Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ՝ ներառեալ Իսթանպուլը։ Այս իրավիճակին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը անխափան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ մեր համայնքը այս շրջանին ցաւ կ՚ապրի՝ իր շարքերէն տխուր կորուստներով։ Համընդհանուր ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ վարակեալներու ընդհանուր վիճակն ու դարմանման ընթացքը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի անդամներէն մին եւս զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին։ Այսպէս, ոչ եւս է Արա Թէլլէր, որ շուրջ 80 տարեկան հասակին կնքեց իր մահկանացուն Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցին մէջ, ուր դարմանման տակ էր շուրջ ամիսէ մը ի վեր։
«Յարութիւնը ոչինչէն վերստին ստեղծել չէ, քնացողի վերստին արթննալը, կեանք գտնելն է»:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԿՈՐԻՒՆ Ա․ ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը նուիրատուութիւն մը ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի բարգաւաճման համար։ Երկանեանները մեզի յայտնեցին, որ այս տարուան համաճարակի մթնոլորտին մէջ չեն փափաքած իրենց աւանդական շնորհաւորականի հրատարակուիլը՝ ենթադրելի պատճառներով։ Միեւնոյն ժամանակ, Երկանեանները նշեցին, որ իրենց նուիրատուութիւնը ունի մասնաւոր պատգամ մը եւ կը զուգորդուի կոչով մը։