ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան քառօրեայ տօնական դադարէն առաջ համայնքային առկայ հրատապ հարցերուն շուրջ նամակ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու հրատապ հարցերուն շուրջ ծանօթագրութիւններու ձեւաչափով գրութիւն մըն էր այս մէկը։
Ծանօթ է մերազն հաւատացելոց, թէ քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ ու առաջնորդութեամբ՝ Աթոռս կը շարունակէ առաքելութիւն մը։ Կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ ու կ՚ապահովէ սննդեղէն ու մաքրութեան համար զանազան իրեր։
Ծանօթ է մերազն հաւատացելոց, թէ քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր Իսթանպուլի մեր եկեղեցիները փակ են հաւաքական պաշտամունքի եւ միշտ բաց՝ մոմավառութեան ու անհատական աղօթքի համար։
Պետրոս Շիրինօղլուի այս վերջին քայլի լոյսին տակ, Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէ ներս վերստին օրակարգի վրայ բերաւ՝ փոքրամասնական վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցը։ Ան գրաւոր հարցում մը ուղղեց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին։
Ermeni cemaatinin malum konu ile bu kadar gönülden ve yakından ilgilenmesi her ne kadar yönetim kurulu üyelerimiz doğrudan hedef alınmış olsalar da bizi gururlandırmıştır. Eminiz ki bu birlik ve dayanışma ruhu ileride cemaatimizi ilgilendiren her türlü mesele için devam edecektir, etmelidir. Cemaatimizin her bir bireyinin toplumsal gelişmelere olan ilgisi takdir edilmekte, yapacakları katkılar da sabırsızlıkla beklenmektedir.
Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկման որոշումով սկսած բողոքի ալիքը կը շարունակէ բնորոշել համայնքային շրջանակներու օրակարգը:
Էսաեան վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի պաշտօնազրկման որոշումին դէմ համայնքային շրջանակներէ ներս ստեղծուած անհանգստութիւնը կը շարունակուի։ Այս մթնոլորտին մէջ դպրոցի խումբ մը սաներ այսօր, կէսօրուան ժամերու մօտ զօրակցութեան այցելութեան մը փութացին իրենց տնօրէնուհիին։
Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկման աղմկարար որոշման արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներէն ներս: