ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսի ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, ուսուցչական կազմը, Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր։