ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպան Քրիս Պութըրը։ Զրոյցի ընթացքին դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարին նկատմամբ մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարան կատարած այցելութեան ընթացքին ցուցաբերուած յարգալիր վերաբերմունքին համար։