ԿԻՐԱԿՆԱՄՈՒՏ ԵՒ ՀՈԳԵՃԱՇ
Պատրիարքական Աթոռի նորոգ վախճանեալ գահակալի վերջին Այգուցը՝ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:
Հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի համար Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ կատարուած արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Պատրիարքական Աթոռի նորոգ վախճանեալ գահակալի վերջին Այգուցը՝ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:
Հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի համար Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ կատարուած արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Շաբաթավերջին պոլսահայ վարժարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած նկարչութեան մրցոյթը, որ այլեւս դարձած է աւանդական։ Քրիստին Սալերիի հարազատներուն նախաձեռնութեամբ ստեղծուած համանուն հիմնարկին կողմէ ութ տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի այս մրցոյթը, որ այս տարի եւս համախմբեց մեր դպրոցներու տղաքը, որոնք ստեղծագործեցին եւ այս ստեղծագործութիւններուն արդիւնքը յառաջիկայ շրջանին պիտի արժեւորուի դատակազմին կողմէ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, Տարեցներու շաբթուան առթիւ, երէկ, կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեց հաստատութեան մնայուն բնակիչներուն համար։ Այս առթիւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները յատուկ փոխադրամիջոցներով առաջնորդուեցան Ֆլորիայի «Տեւելի» ճաշարանը, ուր համախմբուեցան սեղաններուն շուրջ։
Ուրուկուայի «Ռատիօ Արաքս»էն կը տեղեկացնեն.-
Հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր զաւակներ Կոմիտասի եւ Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի առիթով, անոնց ասոյթներով համեմուած խօսքով Մոնթէվիտէոյի «Սիթառոսա» սրահին մէջ, աւելի քան 400 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Արաքս ռատիօժամի յոբելենական համերգը:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մեր համայնքի բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն նորոգ հանգուցեալ Տքթ. Ժիրայր Քայնարի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Յուզումնախառն եւ փառաշուք արարողութիւնով մը հրաժեշտ տրուեցաւ Տքթ. Ժիրայր Քայնարի, որ այնքան բարի եւ անթառամ յիշատակ մը թողած է իր ետին։
Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս վերջերս տեղի ունեցան ձեռնագնդակի եւ փինկ-փոնկի մրցաշարքեր։ Դպրոցի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցան միջվարժարանային այս մրցաշարքերը։
Շիշլիի գերեզմանատան երէկուան արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան:
Հոգելոյս Պատրիարք Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի շիրմին մինչեւ շաբաթավերջ մաս առ մաս հող պիտի աւելցուի: Երանաշնորհ Հոգեւոր Պետի հողակոյտի մակերեսը միշտ ծածկուած կը մնայ թարմ ծաղիկներով:
Էսաեան վարժարանի մարմնամարզի խումբը վերջերս նուաճեց Իսթանպուլի ախոյենութիւնը։ Արտա Արսլան, Սիմոն Նալճը եւ Արաս Պուլկուր կը գտնուէին Էսաեանի կազմին մէջ, որ Իսթանպուլի միջվարժարանային առաջնութեան ծիրին մէջ փոքրերու դասաւորումէն ներս հանդիսացաւ ախոյեան։
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մտախաղերու միջվարժարանային մրցոյթը այս տարի եւս պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Սա իր նմաններու շարքին տասներորդն էր եւ այդ առումով կը համարուէր յոբելենական։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ խօսեցաւ դամբանական մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։