«ԾԻՐԱՆ» ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ
Երէկ երեկոյեան Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Ծիրան» խորագրեալ համերգը, որ կազմակերպուած էր Մխիթարեան եւ Սահակեան սանուց միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Մեր երաժշտասէրները միջոցէ մը ի վեր արդէն ոգեւորութեամբ կը սպասէին այս համերգին, որ արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։
Ներքին գործոց նախարարը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատան մէջ տուաւ կարեւոր պատգամներ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հանդիսապետեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նախաճաշերը կը շարունակեն համախմբել հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։ Երկու շաբաթը անգամ մը դպրեվանքցիները ի մի կու գան սանուց միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ։
Թոփգաբուի ընտանիքը նախընթաց օր մեծ խանդավառութեամբ նշեց Ս. Թարգմանչաց տօնը։ Այս տարուան տօնակատարութիւնները արտասովոր իմաստ մը կը ներկայացնէին Թոփգաբուի ընտանիքին տեսակէտէ, որովհետեւ բնորոշեցին թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի ընտանիքը յառաջիկայ շրջանին պիտի ոգեկոչէ մեծն Կոմիտաս Վարդապետը, որու ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանը համազգային շուքով կը նշուի այս տարի։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Հերմինէ Պենլիօղլուն եւ Արամ Կոստանեանը, որոնք մեզի բացատրութիւններ տուին այս ծրագրին շուրջ։
Gündeme ilişkin sorulara basın, sosyal medya ve halk toplantılarında verdiğim yanıtlar, giderek başka detayları da halkımıza belgelerle aktarmayı gerekli kılmıştır.