ՄԻԱՁԱՅՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս վերջնականապէս հաստատուեցաւ թեկնածու երեք սրբազաններուն ցուցակը:
Նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան հերթական ժողովին զուգահեռ պատրաստութիւնները վերադարձան իրենց բնականոն հունը: Քուէարկութեան օրը ընտրատեղամասերու միջեւ առցանց անխափան հաղորդակցութեան երաշխաւորման համար պաշտօնի պիտի կոչուին կամաւոր մասնագէտներ: Կարպիս Տուրասլան հրաժարեցաւ:




Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն կ՚ընկերանային իր գործակից ընկերներէն Դաւիթ Տամլա եւ Մինաս Արսլան։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս տրամաբանական նախընտրութիւն։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) ներկայացուցիչները՝ Գէորգ Էօզգարակէօզն ու Հրաչ Անուշաւան Գըրմըզըեանը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ մայրաքաղաք Անգարա, ուր մասնակցեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանի բացման նիստին եւ անոր յաջորդած պաշտօնական ընդունելութեան։ Նորին սրբազնութեան ընկերացաւ Կրօնական ժողովէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։