ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ
Թրքահայութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարը տօնախմբեց աւանդական շուքով. մեր բոլոր եկեղեցիները լեցուն էին հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Գումգաբուի ընդունելութեան ժամանակ համայնքային խնդիրներու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան շինիչ մթնոլորտով - Իսթանպուլի կուսակալին կողմէ Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորանք։
Սիրեցեալ Ժողովուրդ մեր,
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ Ս. Զատիկէն վերջ պիտի սկսին նոր պատրիարքի ընտրութեան պատրաստութիւնները եւ այդ գործընթացը յառաջ պիտի տարուի Կրօնական ժողովի որոշումներուն հիման վրայ։ Ըստ նորին սրբազնութեան, ինք թէեւ հակուած չէ տեղապահի մը ընտրութեան, այս ուղղութեամբ անհրաժեշտութիւն մը չի տեսներ, սակայն նաեւ չի փափաքիր այժմէն գրաւի տակ թողուլ Կրօնական ժողովի կամքը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետ նշանակուեցաւ մեր համայնքի աշխոյժ գործիչներէն Արի Չոլաք։ Խնամակալութիւնը այդ պաշտօնը վստահած է Արի Չոլաքին, որ իր համախոհ ընկերներուն հետ յառաջիկայ շրջանին պիտի ձեւաւորէ Խնամատար մարմնի նոր կազմը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ֆաթիհի նորընտիր քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանին։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նորին սրբազնութեան հետ էին Ֆաթիհի գաւառակէն ներս գտնուող մեր եօթ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Շիշլի մարզակումբը անընդհատ աշխատանք կը տանի յայտնաբերելու համար նոր տաղանդները։ Ակումբի կողմէ կազմակերպուած վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի դասընթացքները այս տեսակէտէ կարեւոր միջավայր մը կը ստեղծեն։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր, որոնց մասնակցութիւն բերին մեր համայնքային նախակրթարանները։
Անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայճար»ի հերթական համագումարը, որու արդիւնքին ընտրուեցաւ միութեան 7-րդ շրջանի վարչութիւնը։ Նորընտիր վարչութիւնը արդէն ձեւաւորած է նաեւ իր դիւանը։