ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից օր, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ չորրորդ անգամ։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ յանուն սանուց միութեան վարչութեան՝ Մելիսա Թաշճեան։