ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԱՐՄԱՇԱԿԱՆ ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԴՈՒՐԵԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԸ. «ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ»

Պատրիարքական Աթոռոյս «Արմաշ» մատենաշարէն, որպէս տասնեւերրորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Ղեւոնդ Վրդ. Դուրեանի (ապա Արքեպսկ.) «Մկրտութեան խորհուրդը» խորագրեալ աւարտաճառը։
Սրբազան հեղինակը ընծայարանի ուսումէն ետք, գրի կ՚առնէ սոյն աշխատասիրութիւնը, որու աւարտին, կը ստանայ վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խանդավառ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Երէկ երեկոյեան Գարակէօզեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած է այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ նախընթաց օր համախմբուեցաւ խրախճանքով մը։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած են Ֆէրիգիւղի ընտանիքի Կաղանդի խրախճանքները։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն, որ ներկայ տօնական շրջանին կը պայմանաւորէ Գատըգիւղի ամբողջ ընտանիքի տրամադրութիւնը։ Իրականութեան մէջ ամբողջ դեկտեմբեր ամիսը վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի ջանքերով նախապատրաստական շրջանի մը վերածուած էր, իսկ վերջին օրերուն հրճուանքը հասաւ գագաթնակէտին։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կաղանդի հանդէս մը, որու ընթացքին փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան Կաղանդ պապուկի այցելութեամբ։ Օրուան տեւողութեան դպրոցէ ներս ստեղծուեցաւ խրախճանքի մթնոլորտ մը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ ներկայ Ամանորի շրջանը բնորոշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Դպրոցէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին տղաքը ողջունեցին Կաղանդ պապուկը։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը Նոր տարւոյ եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ ապրեցաւ մեծ ուրախութիւն։ Վերջին օրերուն զանազան ձեռնարկներ տեղի ունեցան դպրոցին մէջ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական տօնակատարութիւնը։ Այս առթիւ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ համախմբուեցան հոգաբարձութեան անդամները, բժշկապետը, հաստատութեան յարակից յանձնախումբերու անդամները, բժշկական կազմը, մասնագիտական անձնակազմը, մնայուն բնակիչներն ու պաշտօնէութիւնը։