ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն համար հանդէս մը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Լիզա Սէրճէնեանի եւ Էտըմ Եթէրօղլուի։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան համերգը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրուեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր վիրապէ ելքի տօնակատարութիւնները առիթ հանդիսացան՝ որպէսզի զանազան թաղերէ հաւատացեալներ համախմբուին Գուզկունճուքի մէջ։ Շաբաթ օրուան արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Երէկ, Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու տարեկան հաւաք, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Բացի Գալֆաեանէն, Սկիւտարի երբեմնի վարժարաններուն՝ Սէմէրճեան Ճեմարանի եւ Ներսէսեան-Երմոնեանի սաներն ալ մասնակցութիւն բերին այս բացօթեայ հաւաքին։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի չորրորդ դասարանի փոքրիկներուն շրջանաւարտութեան հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Տղաքը ներկայացուցին ճոխ յայտագիր մը արժանանալով ծափահարութիւններու։
Գարակէօզեան Տան մանկարանէն ներս երէկ ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Տարեվերջի հանդէսին առթիւ փոքրիկները յուզումի մէջ էին։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի աշակերտները վերջերս կատարեցին դաշտապտոյտ մը դէպի Սիլիվրի։ Ամբողջ օրուան մը տեւողութեան տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Ոմանք» երաժշտական խումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Շուրջ մէկ շաբթուան ուղեւորութեան տեւողութեան «Ոմանք» հանդէս պիտի գայ հինգ համերգով։