ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԴՌՆԵՐԸ ԼԱՅՆ ԲԱՑԱԾ Է՝ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կզղիի Կազդուրման կայանի գործունէութիւնը այս տարի եւս կը շարունակուի անխափան։ Այս կիրակի արդէն տեղի պիտի ունենայ Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման աւանդական արարողութիւնը։
Երէկուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով Ազգային մեծ ժողով մուտք գործել յաջողեցան Մարգար Էսաեան եւ Կարօ Փայլան։ Այս վերջիններու վերընտրութիւնով կը շարունակուի խորհրդարանէ ներս հայազգի երեսփոխաններու գոյութեան նախընթացը։
Պատրիարքական Աթոռը, 24 յունիսի ընտրութիւններուն ընդառաջ, Իսթանպուլի երեսփոխան, Տիարպաքըրէն երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Տիար Կարօ Փայլանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն կը հետեւի ցաւով ու մտահոգութեամբ։ Զանազան լրատուամիջոցներու մօտ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի դէմ օգտագործուած որակումները, դժբախտաբար, կը ստեղծեն Աթոռոյս նկատմամբ յարգանքէ ու մեր համայնքի տեսակէտէ մարտահրաւէրի մը վերածուած ընտրութեան հարցին կապակցութեամբ պատասխանատուութեան գիտակցութենէ հեռու տպաւորութիւն մը։
SEV-ի նորընտիր վարչութեան մէջ ընդգրկուած են փորձառու համայնքային գործիչներ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս այցելեց Կրետէ կղզի, Յունաստան։ Յառաջիկայ տարի պիտի նշուի տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանը։
Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 182-րդ տարեդարձին առթիւ։ Հակառակ կատարուած յայտարարութեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան առողջական պատճառներով չկրցաւ հանդիսապետել արարողութիւններուն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու CHP-ի կողմէ Իսթանպուլի երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզը։ Ան քաղաքիս Բ. ընտրաշրջանէն կը ներկայանայ երեսփոխանի թեկնածու՝ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն համար։
Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտները հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Այս առթիւ կազմակերպուած երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Էսաեանի 8-րդ դասարանէն այս տարի 13 աշակերտ վկայուեցաւ։
Գարակէօզեան Տան ընտանիքը երէկ խանդավառ երեկոյթ մը ապրեցաւ՝ հրաժեշտ տալով վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի 2017-2018 տարեշրջանի կրթական շրջանի հունձքին համար կազմակերպուած էր փայլուն արարողութիւն մը, որու ընթացքին ջերմօրէն շրջապատուեցան այս տարուան 15 շրջանաւարտները։