ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրըկնալելու Տատեան վարժարանի սաներէն Տեսիլ Գարան եւ Քեւըն Պաշըպիւյիւքը։ Ուսուցչուհիներ՝ Ժպտուն Զուռնաճըի եւ Երանուհի Պալճըի ուղեկցութեամբ տղաքը փութացին մեր այցելութեան։
Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու տեղեկացուց, որ 22 Հոկտեմբերին նախատեսուած է եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հաստատութեան հիմնադրութեան 130-ամեակին ձօնուած «Հայ դպրոցը» ներկայացումը շաբաթավերջին կրկնուեցաւ Հարպիյէի «Քենթէր» թատրոնի բեմին վրայ։ Պատուոյ հիւրերն էին Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Պատրիարքական տեղապահը երէկ Գումգաբուի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց՝ իր կողքին ունենալով Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլն ու Պատրիարքարանի ելմտական խորհրդական Պետրոս Մարզուանը։ Հաւաքոյթին նպատակն էր հանրային կարծիքին տեղեկութիւններ փոխանցել ընտրութեան գործընթացին շուրջ։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ Պատրիարքարանի մէջ երէկ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղապահ սրբազան հօր առընթեր փոխանցեց զանազան բացատրութիւններ եւ հանդէս եկաւ մեկնաբանութիւններով։ Ան գործընթացը ամփոփեց ընդհանուր առանցքներու շուրջ եւ ընդգծեց, որ 9 Օգոստոս 2017 թուականին պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ դիմումը յանձնուած էր Իսթանպուլի կուսակալութեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը, որ կազմակերպուած էր մեր համայնքի երէց սերունդի բժիշկներէն Տոց. Վահէ Ալեքսանեանի ի պատիւ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այսօր Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։