ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ ԵՒ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ՝ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ
Համայնքային հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու եւ մեր վարժարաններու ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչ տիկինները երէկ հանդիպում մը ունեցան Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Գերմանիայէ վերադարձին տեղապահ սրբազանը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ ընտրութեան գործընթացի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Պատրիարքարանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած սրբազաններու ժողովին առընչութեամբ շօշափեցինք կարծիքը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց հետեւեալը.
Շաբաթավերջին Պաքըրգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղան՝ ի նպաստ Տատեան վարժարանի։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ սկսան հոգեւոր դասեր։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը ունեցան Գումգաբուի մէջ:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը իր հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական շրջանին հերթական անգամ գիրք մը կը նուիրէ իր ընթերցողներուն։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ մեր համայնքի երիտասարդները խրախուսել՝ Փալագաշեան կտակի միջոցներով։ Երէկ, թաղային խորհուրդը բաժնեց այս տարուան կրթաթոշակները։