ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐ…
Տեղապահ սրբազան հայրը երէկ յուշանուէր մը ստացաւ՝ շրջապատուած իր հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ Սամաթիոյ մէջ:
Տեղապահ սրբազան հայրը երէկ յուշանուէր մը ստացաւ՝ շրջապատուած իր հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ Սամաթիոյ մէջ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն 2017-2018 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանի արդիւնքը յոյս ներշնչեց: համայնքային շրջանակները կը գիտակցին, որ ներկայ ծանր փուլին զոհողութիւնները պէտք է բազմապատկուին՝ մեր վարժարաններու կայունութեան երաշխաւորման համար:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անցեալ շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանէն պատասխանատուներ։ Այսպէս, դպրոցի Մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօտիւլ, հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան եւ տնօրէն Շահին Չընար նորին սրբազնութեան ներկայացան եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին հաստատութեան շուրջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թաւրան եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Պատրիարքի թեկնածու՝ քաղաքիս կամ արտասահմանի սրբազաններուն արդէն ուղարկուած են նամակներ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հրաւէրներու լոյսին տակ յառաջիկայ օրերուն կ՚ակնկալուին պատասխաններ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Ասորի համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթինին։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները այս առթիւ ունեցան սիրալիր տեսակցութիւն մը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ այսօրերուն քաղաքս կ՚այցելէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Հայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեան։ Ան կ՚իջեւանի Պատրիարքարանի հիւրանոցին մէջ։
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը արդէն կեդրոնացած է այս շաբաթավերջին նախատեսուած Սամաթիոյ տարեկան սիրոյ սեղանին վրայ։ 2017-2018 շրջանի մատաղօրհնութիւնները կը բացուին այս շաբաթավերջին Սամաթիոյ մէջ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած աւանդական հանգանակութիւնով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեան, երգեհոնահարուհի Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Էրօլ Նուպար Կիւզելտեւլեթեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի միւֆթի Փրոֆ. Հասան Քեամիլ Եըլմազին՝ Սիւլէյմանիյէի պաշտօնատան մէջ։ Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ դիւանապետ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։