ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ

Հանգստեան կոչուած պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած հովուատան բազմանպատակ համալիր՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան հանդիսապետեց օրհնութեան կարգին: Ներկայ էին պաշտօնական հիւրեր եւ մեր համայնքէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Պատրիարքական Տեղապատ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հիւրընկալեց Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Գումգաբու տուած այցելութեան ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառին ընկերացան Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։
Թուրքիոյ հրեաներու «500-ամեակի» հիմնարկէն ներս ներկայիս տեղի կ՚ունենայ ցուցահանդէս մը։ «Komşu Kapısı Can Kapısı» անուանեալ այս խառն լուսանկարչական ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են նաեւ մեր համայնքէն երկու յայտնի անուններու գործերը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի գլխաւորութեամբ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը՝ Պատրիարքարանի մէջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայիս յառաջ կը տարուին վերանորոգման աշխատանքներ։ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէր մեզի յայտնեց, որ եկեղեցւոյ պարիսպները, արտաքին պատերը ամբողջութեամբ կ՚ամրացուին ու կ՚ենթարկուին բարենորոգութեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2017-2018 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ, ամրան արձակուրդի աւարտին հետզհետէ վերստին թափ կը ստանայ նաեւ համայնքային կեանքը։ Մեր եկեղեցիներու տարեկան սիրոյ սեղաններու շրջանը դարձեալ պիտի բացուի՝ հաւասարակշռելու համար անոնց յարակից մեր ազգային վարժարաններու պիւտճէները։
Այսօր Պատրիարքարանի մէջ տեղի կ՚ունենայ կարեւոր ժողով մը։ Յետմիջօրէին Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ նախատեսուած խորհրդակցութիւն մըն է այս մէկը։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի առընթեր, կը նախատեսուի, որ ներկայ գտնուի նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այսինքն, երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ Աթոռի երեք սըր-բազաններն ալ կը գտնուին նոյն սեղանին շուրջ՝ եթէ վերջին պահուն անակնկալ մը չպատահի։
2017-2018 կրթական շրջանի վերամուտի սեմին, Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ, կրթական մշակներու հաւաք Գումգաբուի մէջ:
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի գործիչներէն մին՝ Վարդգէս Ստեփանեան։ Յառաջացած տարիքի մէջ ան հրաժեշտ կ՚առնէ կեանքէն եւ իր կորուստը առիթ կը հանդիսանայ՝ որպէսզի վերյիշուի մօտաւոր անցեալին մեր հաւաքական կեանքէն ներս ծաւալած գործունէութիւնը։