ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ անցաւ երեկոյթը, որու հանդիսավարներն էին Ալեքսան Զարուքի եւ Լուսին Չաղլը։
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, 13 Յունիս 2016, Երկուշաբթի, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Ժողովական Հայրերը քննարկեցին Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ էրտողանի յղուած նամակին պատճառով վերջին օրերուն յառաջացած հակազդեցութիւնները։ Ժողովական Հայրեր յետ խորհրդակցութեան որոշեցին իրենց խօսքը բաժնել համայնքի զաւակներուն հետ, ստորեւի զեկոյցով.