ՍԵԼԻՆԱ ՄԱՆԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Սելինա Մանան փայլուն նուաճում մը արձանագրած է համալսարանական մտից քննութիւններու արդիւնքին։ Այսպէս, ան յաջողած է մուտք գործել Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի բժշկութեան բաժինը։ Ծանօթ է, որ համալսարանի մտից քննութիւններու դժուարին դրութեան մէջ այս արդիւնքին հասնիլ կը նշանակէ գերազանց մակարդակի մը վրայ գտնուիլ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Իթիմատ պիւրօ»ի բազմամեայ պատասխանատու Սարգիս Գրիգորեանը։ Հանդիպման ներկայ էին Պատրիարքարանի հաշուապահներէն Հերման Կիւրճիեան եւ Պետրոս Մարզուան։
Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը օծուեցաւ նորակերտ խաչքար մը, որու բացման արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Արիս Տեմիրի բարերարութեամբ Հայաստանի մէջ պատրաստուած է այս խաչքարը։
Պատրիարքական Աթոռին կողմէ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք 100» մատենաշարէն լոյս տեսաւ «Գունագեղ Կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» հատորը։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ինչպէս ամէն Չորեքշաբթի, այս անգամ եւս Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին լեցուած էր հոծ թիւով հաւատացեալներով, որոնք երկիւղածութեամբ հետեւեցան արարողութիւններուն։
Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Այտա Քայաէր արդէն իր պաշտօնը փոխանցած է Թամար Ներկիզին։ Ան Գալֆաեանի ընտանիքէն հրաժեշտ կ՚առնէ յուզումնախառն զգացումներով։