ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներուն մօտ մեծ յարգանքի ու համակրանքի առարկայ դարձած պատուական դէմք մը՝ Նազան Պիւյիւքսինեմեան։ Իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին եղած է Նազան Պիւյիւքսինեմեան, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը բազմակողմանի նպաստ բերած է համայնքային կեանքին։
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը երկու ծրագրով կը ներկայանայ երաժշտասէրներուն:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար վերջերս կազմակերպուեցաւ շրջանաւարտութեան խրախճանք մը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ ձօնուած էր նախակրթարանի շրջանաւարտներուն։
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը իսլամական աշխարհի Ռամազանի սկիզբին առթիւ իֆթարի սեղան մը սարքեց Օրթագիւղի մէջ, նաւամատոյցի հրապարակին վրայ։ Այս առթիւ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետար հիւրընկալեց նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն ներկայացուցիչներ։