ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇԱԲԱԹ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տարեվերջի խրախճանքի ծրագիրը կը գործադրուի մեծ խանդավառութեամբ։ Փառատօնի շաբթուան շրջագծով մասնաւոր բաժին մը յատկացուեցաւ աշակերտներու անգլերէն ելոյթներուն։
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, 13 Յունիս 2016, Երկուշաբթի, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Ժողովական Հայրերը քննարկեցին Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ էրտողանի յղուած նամակին պատճառով վերջին օրերուն յառաջացած հակազդեցութիւնները։ Ժողովական Հայրեր յետ խորհրդակցութեան որոշեցին իրենց խօսքը բաժնել համայնքի զաւակներուն հետ, ստորեւի զեկոյցով.
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նարօտ Դալար Ակօշեան յաջողութեամբ աւարտած է «Միմար Սինան» գեղարուեստից համալսարանի երաժշտանոցը՝ վկայուելով կիսաժամանակ դաշնամուրի բաժնէն։