ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, որոնց մասնակցեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի վիրապի յիշատակին տեղի ունեցան արարողութիւնները, որոնց հանդիսապեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի աԱտենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի կազմը այս եղանակին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Շիշլիցիները իրերայաջորդ երեք յաղթանակ ապահոված են եւ առանց պարտութեան կը շարունակեն իրենց ճանապարհը։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի 51-րդ տարեդարձը շաբաթավերջին պատշաճ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ համայնքային կեանքէն ներս։ Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաներէն Մասիս Քարա իրաւունք շահած է յառաջիկայ շրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնակցութիւն բերելու ՆԱՍԱ-ի ծրագրերէն մէկուն։ Իր այս գերազանց յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն պարգեւած է Ֆէրիգիւղի ընտանիքին։
Շիշլի մարզակումբի գործունէութիւնը ներկայիս կը շարունակուի թափով։ Ակումբի կազմակերպած ձմրան դասընթացքներուն կը մասնակցի 450 հոգի։ Անոնց վրայ կու գան աւելնալ Շիշլիի թիւով 130 զանազան ճիւղերու մարզիկները, որոնք մաս կը կազմեն վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի խումբերուն։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս հերթի փոփոխութիւն եւ հոգաբարձութեան կողմէ մեծարանք:
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի գեղարուեստից աշխատանոցին կողմէ երէկ կեանքի կոչուեցաւ թատերական ծրագիր մը։ Այսպէս, դպրոցի գեղարուեստի աշխատանոցի սաները հանդէս եկան թատերական ներկայացումով մը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի մենակատարներէն Մարալ Չափան-Ադաման վերջերս թողարկած է նոր սկաւառակ մը, որ կը կոչուի «Երազ»։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր երգարուեստի նուիրեալներէն Մարալ Ադամանն ու Պարթեւ Կարեանը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս Ասորի Կաթոլիկներու Պատրիարքական Փոխանորդ Եուսուֆ Սաղը։ Այս վերջինը Գումգաբու փութացած էր շնորհաւորելու համար Նորին Սրբազնութեան ու մեր համայնքին Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը։