ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԱՒԱՊԱՏՈՅՏԸ
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Վոսփորի վրայ կազմակերպուեցաւ նաւապտոյտ մը։ Միութեան վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Քարաքուշ եւ իր ընկերները այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին պտոյտին բոլոր մասնակիցները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար վերջերս կազմակերպուեցաւ շրջանաւարտութեան խրախճանք մը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ ձօնուած էր նախակրթարանի շրջանաւարտներուն։
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը իսլամական աշխարհի Ռամազանի սկիզբին առթիւ իֆթարի սեղան մը սարքեց Օրթագիւղի մէջ, նաւամատոյցի հրապարակին վրայ։ Այս առթիւ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետար հիւրընկալեց նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն ներկայացուցիչներ։
Շիշլիի գաւառակէն ներս Գարակէօզեան վարժարանը դափնեկիր դարձաւ բնապահպանութեան ուղղութեամբ։ Շիշլիի Կրթական տնօրէնութիւնը վերջերս մրցոյթ մը կազմակերպեց Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի եւ Շիշլիի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ։ «Կանաչ աստղով վարժարաններ» խորագրեալ այս մրցոյթի արդիւնքին Գարակէօզեան հանդիսացաւ առաջին։