Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Յակոբ Սրկ. Քեսկին եւ այլ դպիրներ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ շաբթուան մէջ Իսթանպուլէն մեկնած էր Մոսկուա, ուրկէ պիտի անցնէր Հայաստան՝ մասնակցելու համար Սրբազան Պապի դէպի Ս. Էջմիածին այցելութեան եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանին։