ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔ
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան դպրոցի հիմնադիրները, սատարողները, կրթական մշակներն ու բոլոր սաները։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներուն բանաստեղծութեան, պարի եւ երաժշտութեան ելոյթներու փառատօնը։ Յայտագրին շրջագծով տղաքը հանդէս եկան հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն ելոյթներով։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Արիոն» նուագախումբին համերգը։ Վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս բացօթեայ ձեռնարկին նպատակն էր երիտասարդներուն մօտ հետաքրքրութիւն ու սէր ստեղծել դասական երաժշտութեան նկատմամբ։