ՆԱՐՕՏ ԴԱԼԱՐ ԱԿՕՇԵԱՆ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ ԴԱՇՆԱՄՈՒՐԻ ՃԻՒՂԻՆ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նարօտ Դալար Ակօշեան յաջողութեամբ աւարտած է «Միմար Սինան» գեղարուեստից համալսարանի երաժշտանոցը՝ վկայուելով կիսաժամանակ դաշնամուրի բաժնէն։
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը երկու ծրագրով կը ներկայանայ երաժշտասէրներուն:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար վերջերս կազմակերպուեցաւ շրջանաւարտութեան խրախճանք մը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ ձօնուած էր նախակրթարանի շրջանաւարտներուն։