ՆԱԽԱԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը այս շրջանին կը կազմակերպէ սեմինարներու շարք մը՝ մանուկներու նախադպրոցական շրջանի զարգացման վերաբերեալ։ Այս շրջագծով վարժարանի սրահին մէջ երէկ ելոյթի հրաւիրուած էր մանուկներու արտայայտութեան նիւթերու գծով մասնագէտ մը՝ Արուսեակ Սաֆա Ճամիլապատի։



Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Պատրիարքարան։ Այս տարի եւս Ս. Զատկի առթիւ Գումգաբուի մէջ ստեղծուեցաւ անմիջական միջավայր մը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, որոնք փութացած էին շնորհաւորելու տաղաւարը։