ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԳԻՏԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
«Գիտութիւն՝ ամէն ինչի համար» կարգախօսով Էսաեան վարժարանը այս տարի վեցերորդ անգամ կազմակերպած է գիտական խրախճանք մը։ Միջվարժարանային բնոյթ ունի այս ծրագիրը, որուն կը մասնակցին իսթանպուլահայ միջնակարգներէն աշակերտական խումբեր։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր այց մը տուաւ Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինին։ Իրեն կ՚ընկերանար Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանը, որուն կ՚ընկերանար դպրոցի նախկին շրջանաւարտուհիներէն Պեսսէ Քապաք։
Գարակէօզեան Տան աշակերտները մասնակցութիւն բերին Իսթանպուլի չորրորդ մանկանց ու երիտասարդաց պիէնալին։ Ապրիլի 19-էն ի վեր ընթացքի մէջ է այս պիէնալին ծրագիրը, որ իր աւարտին պիտի հասնի Մայիսի 23-ին։