«ՄԱՐԱԼ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր ընդունեց «Մարալ» միութեան վարչայինները։ Ծանօթ է, որ այս միութիւնը կը պատրաստուի բեմադրել «Արա եւ Շամիրամ»ը։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին փութաց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչներու այցելութեան։ Խումբը գլխաւորեց դպրապետ Խաչիկ Սարկաւագ Սարըլը։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Երկուշաբթի տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալի ժամերգութիւնը, որուն նախագահեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
«Մարալ» միութիւնը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու շարքով մը։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Մարալ» միութեան ներկայացուցիչները՝ Մարի Աքպաշ, Սելմա Մելեքեան, Լեռնա Փափազեան եւ Ալին Քումրալ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Դպրոցն ալ պատշաճօրէն յարդարուած էր այս խրախճանքին առթիւ եւ փոքրիկները ունեցան անմոռանալի ժամանց։