ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Սրբազնութիւնը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանին։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի՝ վախճանման տարելիցին առթիւ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։