ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԱՍՈՂԻԿ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԷՆ ԴՊԻՐՆԵՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻՆ ԼԵՀԱՍՏԱՆ
Գոհուանակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբէն կարգ մը դպիրներ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն Լեհաստան։ Երաժշտագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի սաները մասնակցութիւն պիտի բերեն հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնի մը։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մասնագիտական բանախօսութիւն մը, որու նիւթն էր մինչեւ վեց տարեկան մանուկներու հարցերու պարագային ծնողներուն վիճակած պատասխանատուութիւնը։ «Մտային հոգեբանական խորհրդակցութեան կեդրոն»էն երկու հոգեբաններ՝ Էննա Էօքքէ եւ Սերհան Էքին այս առթիւ հանդէս եկան բացատրութիւններով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Մեր համայնքի մեծագոյն բարենպատակ հաստատութեան համալիրէն ներս անոնք ունեցան վառ տպաւորութիւններ։
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ անգլերէնով ստեղծագործելու ուղղեալ միջվարժարանային փառատօն մը։ Հետաքրքրական այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ երեք հանգրուանով։