ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՍՏԱՑԱԾ Է ԱՍՊԵՏ ՋՈՒՆԴԻ ԵՒ ԿՈՂԱԿՑԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ԻՒՂԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Շիշլիի գերեզմանատան յանձնախումբը տեղեկացուց, որ նկարիչ Եավուզ Քըլըչէր վերանորոգած է Ասպետ Ջունդի իւղաներկ գործերը ու վերադարձուցած՝ իրենց։ Ինչպէս ծանօթ է, միջոց մը առաջ օրակարգի վրայ եկած էր, որ Ասպետ Ջունդի եւ կողակցին շիրմին մէջ կախուած մեծադիր իւղանկարները եւ այլ սրբապատկեր մը երկար ժամանակէ ի վեր անհետացած են։
Երկար ժամանակէ ի վեր ձգձգուող հարցին ուղղութեամբ պաշտօնական քայլ: