ՓՐՈՖ. ԵՈՀԱՆ ՇԹՐԱՈՒՍ ԽՕՍԵՑԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԷՋ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սթրազպուրկի համալսարանէն Փրոֆ. Եոհան Շթրաուս, որու մասնագիտութիւնն է օսմանեան գրականութիւնը։ Ան խօսեցաւ Մխիթարեան վարժարանի անցեալի յատկանշական շրջանաւարտներէն մէկուն՝ Վարդան փաշայի մասին։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի նորահաստատ սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին խմբագրատունս՝ բազմակողմանի տեղեկութիւններ փոխանցելով իրենց ծաւալած աշխատանքին շուրջ։ Միջոցէ մը ի վեր արդէն շրջանառութեան մէջ կը գտնուէր այս միութեան հիմնադրութեան վերաբերեալ լուրը։ Ներկայիս արդէն պաշտօնապէս հիմնուած է Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութիւնը, որու հիմնական նպատակները կը համարուին մէկ կողմէ շրջանաւարտներու համախմբումը, իսկ միւս կողմէ ալ այս վարժարանը բաց պահելու առաջադրութեամբ տրուած պայքարին զօրակցիլը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը թեքնիկ վերազինումներու ուղղեալ պարբերական ներդրումներու շնորհիւ միշտ կ՚օժտուի ախտաճանաչման յաւակնոտ հնարաւորութիւններով, ինչ որ հաստատութեան կողմէ մատուցուած առողջապահական ծառայութիւնները կը պահէ մրցունակ: