ՁԵՌՔ-ՁԵՌՔԻ, ՈՒՍ-ՈՒՍԻ…
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները համախմբուեցան տարուան առաջին սիրոյ սեղանին առթիւ՝ զօրակցելու համար Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին:
Նիւ Եորքի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած «Տեւական զարգացման լուծումներու ցանց. երիտասարդական լուծումներ» խորագրեալ գագաթաժողովը։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքին հրաւիրուեցաւ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Շիլա Թեմիզէլ՝ որպէս Թուրքիոյ միակ ներկայացուցիչը։