ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԲԱՑՈՒՄ
Ս․ Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկական ու պատանեկան կազմերը երէկ պաշտօնապէս բացին իրենց նոր եղանակը։ Թաղի պատանիներն ու մանուկները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու», «Ալաճաճեան» սրահներուն եւ վերնատան մէջ։

Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը համաձայնութեան հասաւ Սկիւտարի քաղաքապետարանին հետ, որ վարձած է երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքը, ստանձնելով նաեւ վերանորոգութեան պատասխանատուութիւնը:
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ժրաջան անդամներէն Մելքոն Սահակօղլու հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Այս հրաժարականին կապակցութեամբ թաղային խորհուրդը այս առաւօտ հրապարակեց պաշտօնական զեկոյց մը, որու թրքերէն բնագիրը վաղը լոյս պիտի տեսնէ մեր մամուլին մէջ։