ԵԴՈՒԱՐԴ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՅՕՐԻՆՈՂԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ 2800-ԱՄԵԱԿԻՆ
Հայաստանի Յօրինողներու միութեան նախաձեռնութեամբ՝ արդէն հինգերորդ տարին ըլլալով անընդմէջ կը կա-յանայ մեծանուն հայ յօրինող, Խորհրդային Հայաստանի արուեստագէտ Եդուարդ Միրզոյեանի անուան պատանի յօրի-նողներու հանրապետական մրցոյթը, որուն կրնան մասնակցիլ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի՝ մինչեւ 18 տարեկան հայազգի պատանի ստեղծագործողներ։
Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրանտ «Սարոյեան հաուզ» նախագծին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: «Ռէօնեսանս» մշակութային եւ մտաւորական հիմնադրամի կողմէ իրականացուող «Սարոյեան հաուզ» նախագծի շրջա-նակէն ներս նախագծի համակարգող Աւագ Սիմոնեան, «Ստորակէտ» ճարտարապետական աշխատանոցի համահիմ-նադիր Մերուժան Մինասեան եւ «Սարոյեան հաուզ»ի հո-գաբարձուներու խորհուրդի պատուաւոր անդամ, Ֆրեզնոյի մէջ Գալիֆորնիոյ Պետական համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնէն Փրոֆ. Պարլոու Տէր-Մկրտիչեան Փետրուարի 23-ին հանդիպած են Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրանտի հետ եւ ներկայացուցած են նախագիծը։
Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիստներու միութեան հովանիի ներքոյ ստեղծուած են շարժանկարի արտադրիչներու, բեմադրիչներու, թատերագիրներու, դերասաններու, լուսանկարիչներու ու այլ շարժապատկերային մասնագիտութեան արհեստավարժ վաճառականներու միութիւններ։ Անոնց առաջնային խնդիրն է համախմբել շարժանկարի մասնագիտութիւններու ներկայացուցիչները, արդիւնաւէտ աշխատանքի համար ստեղծել մասնագիտական միջավայր եւ ստեղծագործական մթնոլորտ:
1990-ական թուականներէն ցայսօր «միւս» մամլոյ անծանօթ աշխարհը կը ներկայացուի ցուցահանդէսով մը:
Երեւեանի մէջ, Օփերայի համալիրէն ներս, երէկ երեկոյեան հանդիսաւորապէս նշուեցաւ յայտնի արուեստագէտ Արտաւազդ Փելեշեանի ծննդեան 80-ամեակը։ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման արժանացած շարժանկարի բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանի ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթը պատուեցին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին այս առաւօտ հրապարակուեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ կը մատնանշուի պետութեան հետ սահմանուած ընթացակարգով ընտրութիւններու կազմակերպումը:
Նոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ փայլուն երաժշտահանդէս:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Նախագահական ապարանքին մէջ Սերժ Սարգսեան զինուորական պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։