ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՄՆ-Ը ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ ԽԻՍՏ ՈՃՈՎ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՏՆԻ»
Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւններու լոյսին տակ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ներկայիս ծագած են նոր տարաձայնութիւններ։ Վերջին շրջանին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ միշտ տեղի կ՚ունենան վերիվայրումներ եւ այս խնդիրն ալ եկած է հանդիսանալ հերթական գործօնը։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի տեսակցին ներկայ ամսուան կէսին. Երեւան տուեալներ չի հրատարակեր:
ԵՄ կողմնակից է Իրանի միջուկային գործարքի մասին միջազգային համաձայնութեան պահպանման:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ քաղաքիս մէջ կը կազմակերպուին քննարկումներ, որոնք այժմէական բնոյթ կը կրեն հայութեան մշակութային օրակարգին վրայ:
Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հաւատարմատար Ֆիլիփ Քասնըթ երէկ հրաւիրուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Թուրքիա այս առթիւ դիւանագիտական միջոցներով արտայայտեց իր հակազդեցութիւնը՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիոյ պարագային առնուած վերջին կարգ մը քայլերուն շուրջ։
«Վերջին հսկան չեմ, սակայն ֆրանսական երաժշտութեան առաջին դասականն եմ», յայտնեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր՝ Le Telegramme-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանին մէջ յառաջիկայ Սեպտեմբերին բացուելիք «Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսը այժմէն կը զբաղեցնէ հայաշխարհի օրակարգը. նմոյշները պիտի տարուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, Մատենադարանէն եւ Պատմութեան թանգարանէն։
