ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի եւ Ճաբոնի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ ներդրումներու ազատականացման եւ պաշտպանութեան համաձայնագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու կառավարութիւնները համաձայնութեան հասած են ներդրումները ազատականացնելու, խրախուսելու եւ փոխադարձաբար պաշտպանելու ուղղութեամբ։
Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Ուղեւորութեան ծրագրի շրջագծէն ներս պուլկար ղեկավարը այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Սփիւռքի նախարարութիւն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Այս ամբողջէն ներս նախատեսուած են նաեւ իր շփումները Թուրքիոյ մէջ։
«Պաքուէն հնչած վերջին յայտարարութիւնները կը վկայեն պատրաստակամութեան պակասի մասին»:
Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։
Սիրելի հոգեւոր եղբայրներ,
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ վերջին իրադարձութիւնները դարձեալ լայն արձագանգ գտած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շրջանակներէն ներս։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի ամբողջ անցուդարձին։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հերթական անգամ կ՚այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան: