ՄԻՔԱՅԷԼ ՃԻՀԱՆԵԱՆԻ ԿՏԱՒՆԵՐԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Ամերիկաբնակ նկարիչ, մասնագիտութեամբ ճարտարապետ Միքայէլ Ճիհանեանի «Վերածնունդ» խորագրեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած էին տարիներու ընթացքին ստեղծուած 106 իւղաներկ եւ 177 գծանկար աշխատանքներ։ Կտաւներուն մէջ կարելի էր տեսնել վախ, զարմանք, ուրախութիւն, ցասում, սէր, յաղթանակ, ատելութիւն եւ այլ յոյզեր արտայայտող խճճուած, բայց պարզ պատկերներ։
Ներքին գործոց նախարարը երէկ կէսօր Չրաղանի պալատին մէջ ճաշասեղանի շուրջ երկուքուկէս ժամ խորհրդակցեցաւ մեր համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան հաւաքոյթէն վերջ յայտնեց, որ ամէն հաւաքականութեան մէջ կը պատահին լարուածութիւններ, սակայն մեր համայնքէն ներս պէտք չէ ըլլան քինախնդրութիւն եւ բեւեռացումներ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Կիւմրիին նուիրած գումարով կը վերանորոգուի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահը: Այս պահուն ընթացքի մէջ են նախահաշուային ծրարի կազմման աշխատանքները:
Համայնքի ուշադրութիւնը կեդրոնացած՝ Սոյլուի եւ աշխարհական վարիչներու տեսակցութեան վրայ:
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ցայսօր ոչնչացուած ահաբեկիչներու թիւը արդէն հասած է հազարի սահմանը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան դէպի Վատիկան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ տեսակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։
Մարտիրոս Սարեանի ապակիի վրայ նկարած «Ծաղիկներ» գործը, որ երկար տարիներ եղած է Մոսկուայի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով մէկ շաբաթով կը ցուցադրուի Երեւանի մէջ։