ՍԷՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ. «ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԷՍԱՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Չ՚ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵՐ»
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը ոչ թէ կ՚իրականացնէ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի պաշտպանութիւնը, այլ կը կանխէ Իրաքի ճակատագրի կրկնութիւնը Սուրիոյ պարագային։
Թուրքիա-Ռուսաստան ռազմական համագործակցութիւնը կը զարգանայ օրէ օր:
Լիբանանահայ յայտնի ազգային գործիչ Սարգիս եւ Զուարթ Նաճարեան ամոլը վերջերս պարգեւատրուեցաւ Երեւանի մէջ։ Նաճարեաններուն համար մեծարանքի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Փարիզի «Ակն» ընկերակցութեան կողմէ հրատարակուած է շահեկան գիրք մը՝ հայկական եկեղեցական երաժշտութեան մասին։ Տեղւոյն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարի երաժշտապետ Արամ Քերովբեանի կողմէ հեղինակուած գործը կը կոչուի «Ձայն յանապատի. եկեղեցական երաժշտութեան բարեկարգումը ԺԹ. դարու վերջաւորութեան»։
Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ մեկնարկած է ֆիլմերու յատուկ աշխատարան, որ կը վարէ արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն ներս նոր գայթակղութիւն՝ վանքապատկան կալուածի մը ապօրէն վարձակալութեան շուրջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրի հիման վրայ՝ Դանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Ալեքսանտր Արզումանեան։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին ան պիտի ուղեւորուի Քոփենհակ, ուր պիտի կատարէ իր ծառայութիւնը։
Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ժամանակացոյցը թուականներու առումով յստականալ պիտի սկսի Յուլիսի 20-ին Պատրիարքարանի մէջ մեր եկեղեցիներու մատակարար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ նախատեսուած խորհրդակցութեան լոյսին տակ: