ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Արտաքին գործոց նախարարութեան փոքրամասնութիւններու բաժանմունքէն պաշտօնատարներ երէկ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը ունեցան՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան շուրջ ստեղծուած առկայ տագնապալի կացութեան եւ անոր յաղթահարման ուղիներուն մասին, ծաւալուեցան քննարկումներ հաշուի առնելով բոլոր տեսակցի մանրամասնութիւնները։
Դէպի օրինական ու արդար լուծում։
Արժեւորելով վերջին մօտաւորապէս երեք ամիսներու զգայացունց իրադարձութիւնները եւ թրքահայ համանքային կեանքէն ներս յառաջացած փակուղին՝ պատկան մարմինները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն՝ ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանգամանքը ճանչնալու ուղղութեամբ։
Յաջորդ շաբթուան ընթացքին շփումները պիտի շարունակուին պետական շրջանակներուն հետ եւ այդ հիման վրայ աստիճանաբար պիտի բիւրեղանայ պատրիարքական ընտրութեան հարցը։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հրաժեշտ առաւ Մոսկուայէն, ուր մեկնած էր մասնակցելու համար Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին։ Երէկ երեկոյեան, ժողովներու աւարտին, հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։
Ամերիկեան Forbes հանդէսը իր յունիսեան թիւի կափարիչին վրայ զետեղած է ամերիկեան Ani&Alex ոսկերչական ապրանքանիշի հիմնադիր Քարոլայն Ռաֆայէլեանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի այս առաւօտեան անդրանիկ նիստը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնի ձեռնարկելը յառաջիկային ինչպէ՞ս պիտի ազդէ ՀԱՊԿ-ի վրայ:
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն ընթացքը բազմակողմանիօրէն քննարկուեցաւ նախագահներուն կողմէ:
Հայաստան եւ Քաթար կը ձգտին զարգացնել իրենց փոխյարաբերութիւնները՝ բոլոր ուղղութիւններով: