ՀԱՅԱԶԳԻ ԿՕՇԿԱԿԱՐԸ՝ ՃՈՐՃ ՇԻՐԻԿԵԱՆ
San Francisco Chronicle թերթը հրապարակած է յօդուած մը հայ կօշկակարին մասին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚աշխատի 1976 թուականէն ի վեր:
San Francisco Chronicle թերթը հրապարակած է յօդուած մը հայ կօշկակարին մասին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚աշխատի 1976 թուականէն ի վեր:
Պատրիարքարանի մէջ, նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան համար երէկ տեղի ունեցած համայնքային խորհրդակցութեան ընթացքին Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան հանդէս եկաւ թրքերէն ելոյթով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբազնութեան ելոյթին հայերէն թարգմանութիւնը։
Ախալքալաքի Գաւառագիտական թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է գորգերու, Հայաստանի տարբեր մարզերու հայկական ազգային տարազներու եւ հայկական հնագոյն նախշերով արծաթեայ զարդերու ցուցահանդէս-վաճառք:
Երեւանի Պետական համալսարանի դահլիճի երդիքին տակ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ծրագիրը ունի երեք հարիւր յիսուն մասնակից:
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ներկայացուցիչը երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Քրիստիան Վիկենին. «Հարաւային Կովկասէ ներս տարածքաշրջանային հակամարտութիւնները կը շարունակեն մարդկային բարձր եւ անհանդուրժելի գին ունենալ»:
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի Նախագահ Սի Ծինփինը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա։
Եւրոյանձնաժողովի յանձնակատարներէն Եոհաննէս Հահն պիտի այցելէ Թուրքիա:
Անգարա եւ Պրիւքսել կը ջանան յարաբերութիւնները վերադարձնել իրենց բնականոն հունը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպէռեանի «Անկուտի սիրահարներ» վէպի թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Մեթելիքսիզ աշըքլար» անունով լոյս տեսած է գիրքը, որու յառաջաբանը գրի առնուած է յայտնի գրականագէտ Մարկ Նշանեանի կողմէ։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձին վերաբերեալ հերթական դատավարութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Չաղլայանի Արդարադատութեան պալատին մէջ։ 2007 թուականին կատարուած մահափորձին վերաբերեալ տասն տարիէ ի վեր ընթացքի մէջ է բուն դատավարութիւնը։
Եգէականի մէջ երէկ լարուածութիւն մը ապրուեցաւ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։ Իսքէնտէրունէն դէպի Իզմիթ ճանապարհ դուրս եկած թրքական բեռնատար նաւ մը Ռոտոս կղզիի 3 մղոն հեռաւորութեան վրայ զգուշացուեցաւ Յունաստանի ռազմածովային զօրքերուն կողմէ։