Լրահոս

ՆՈՐ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ԱՌԱՋԱՐԿ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ:
Միջնորդները կը փափաքին մինչեւ տարեվերջ տեսակցութիւն մը ապահովել նախագահներու մակարդակով: Նիւ Եորքի մէջ յառաջիկայ Սեպտեմբերին պիտի շարունակուին քննարկումները:

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 19-ին Ողիմպիական աւանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մարզական բժիշկներու գիտելիքներու բարձրացումը՝ տոփինկի օգտագործումը կանխելու գործընթացին մէջ» նիւթով խորհրդաժողով մը:

ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՔԻՇՆԵՒ ԵՒ ՎԻԵՆՆԱ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Քիշնեւ՝ մասնակցելու համար Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 9-րդ հանդիպման։

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ

Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը քուէներ կը կորսնցնէ, երբ Անկելա Մերքէլի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւնը կ՚ամրապնդէ իր դիրքերը եւ նոյնիսկ կրնայ Ազատ-ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ համախմբական կառավարութիւն ակնկալել:

Էջեր